Ամերիկահայ հրապարակախօս Ստեփան Փիլիկեան իր յօդուածին մէջ կ’անդրադառնայ սփիւռքի հայկական եկեղեցիներու նշանակութեան՝ ընդգծելով, որ անոնք Հայերու ցեղասպանութենէն փրկուածներուն կողմէ ստեղծուած էին ոչ միայն որպէս աղօթատեղիներ, այլեւ՝ որպէս ազգային ինքնութեան, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման կեդրոններ։
Հեղինակին համաձայն՝ ժամանակի ընթացքին համայնքներու բարեկեցութիւնը եւ բնակչութեան տեղաշարժերը պատճառ դարձած են, որ բազմաթիւ պատմական հայկական եկեղեցիներ դատարկուին կամ փակուին։ Ան կոչ կ’ուղղէ պահպանելու այս ժառանգութիւնը՝ յիշեցնելով, որ եկեղեցիները սփիւռքահայութեան պատմութեան, յիշողութեան եւ ազգային համախմբման կարեւոր խորհրդանիշներէն են։
