Նիկոսիոյ մէջ՝ Մակարիոս Գ. Արքեպիսկոպոսի հիմնադրամի Բիւզանդական թանգարանին մէջ, բացուած է «Հաւատք եւ ինքնութիւն․ գանձեր Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն» խորագրով ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան արժէքաւոր նմուշներ։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ՝ Բիւզանդական թանգարանին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Կիպրոսի Հայոց առաջնորդարանին համագործակցութեամբ։ Ցուցադրութեան ներկայացուած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի հաւաքածոյէն բացառիկ նմուշներ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ պահպանուող հայկական մշակութային արժէքներ։
Բացման արարողութեան մասնակցած են Կիպրոսի հոգեւոր, պետական եւ մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, հոգեւորականներ եւ հայ համայնքի անդամներ։
Կիպրոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Իննա Թորգոմեանի համաձայն՝ ցուցահանդէսը ոչ միայն պատմական արժէքներու ներկայացում է, այլեւ երկու հինաւուրց քրիստոնէական մշակոյթներու երկխօսութեան եւ Հայաստանի ու Կիպրոսի բարեկամութեան խորհրդանիշ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 9 Ապրիլ 2027՝ այցելուներուն հնարաւորութիւն ընձեռելով ծանօթանալու հայկական պատմութեան, հաւատքի եւ ինքնութեան հարուստ ժառանգութեան։
