Հայկական մշակութային ժառանգութեան որեւէ խորհրդանիշ չի կրնար եւ պէտք չէ ներկայացուի որպէս «հակապետական»․ Յովիկ Աւանեսով

  • by Editbeglari, July 17, 2026 in Ժառանգութիւն
111 դիտում

Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ Յովիկ Աւանեսով խստօրէն դատապարտած է Երեւանի Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեանի անուան թիւ 1 երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցած միջադէպը, որուն ընթացքին ցուցահանդէսէն հեռացուած է աշակերտի՝ «Մենք ենք մեր սարերը» («Տատիկ-պապիկ») յուշարձանը պատկերող աշխատանքը։

Աւանեսովի գնահատմամբ՝ այս քայլը կը խախտէ երեխային ստեղծագործական ազատութեան եւ մշակութային ինքնութեան իրաւունքները, ինչպէս նաեւ կը հակասէ կրթական եւ միջազգային իրաւական սկզբունքներուն։ Ան կոչ ուղղած է Արեւելեան Հայաստանի իրաւասու մարմիններուն՝ իրականացնել դէպքին լիարժէք քննութիւնը եւ բացառել նման դէպքերու կրկնութիւնը կրթական հաստատութիւններուն մէջ։