«Հայկական ոսկի»ի առասպելը կը շարունակէ ապրիլ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հասարակութեան մէկ հատուածին մէջ

  • by Editbeglari, July 11, 2026 in Ժառանգութիւն
125 դիտում

Հրապարակուած յօդուածին մէջ ֆիլմի բեմադրիչ եւ հրապարակախօս Էրիկ Նազարեան կը պատմէ, որ Պոլսոյ Առնաւութգիոյ թաղամասի ճաշարաններէն մէկուն մէջ, իր հայկական ծագումը իմանալէ ետք, սպասարկող անձնակազմը անմիջապէս յիշատակած է «հայկական ոսկին»։ Այս դէպքը, ըստ հեղինակին, կը վկայէ, որ այդ առասպելը տակաւին կը շարունակէ տարածուած մնալ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հասարակութեան որոշ շրջանակներուն մէջ։

Հեղինակը կը նշէ, որ Հայերու ցեղասպանութենէն ետք տարածուած է այն համոզումը, թէ արեւմտահայերը տեղահանուելէ առաջ մեծ քանակութեամբ ոսկի թաքցուցած են։ Այս հաւատալիքը աւելի քան մէկ դար շարունակ խթանած է գանձ որոնողներու գործունէութիւնը, որոնք պեղումներ կատարելով վնասած են հայկական եկեղեցիները, գերեզմանատուները եւ պատմամշակութային յուշարձանները՝ ենթադրեալ գանձեր գտնելու նպատակով։

Նազարեանի համոզումով՝ իրական «հայկական գանձը» հողի տակ չէ, այլ կը գտնուի հայկական հազարամեայ մշակութային ժառանգութեան մէջ՝ աւերուած եկեղեցիներու, վանքերու եւ պատմական յուշարձաններու մէջ, որոնք մինչեւ այսօր կը վկայեն հայերու բնիկ ներկայութեան մասին։

Յօդուածին մէջ հեղինակը կ’անդրադառնայ նաեւ 2023 թուականին Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան, տարածաշրջանին մէջ շարունակուող լարուածութեան եւ խաղաղութեան գործընթացին շուրջ առկայ մտահոգութիւններուն։ Ան կը շեշտէ, որ արդար եւ կայուն խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուի պատմական արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու յարգանքի վրայ։