«Մեր հայ ըլլալը երբեք գաղտնիք չէ եղած»․ այսպէս կը խօսին իրենց ինքնութեան մասին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ հայեր, որոնք տարիներ շարունակ, նոյնիսկ դժուար պայմաններու մէջ, շարունակած են պահպանել ազգային յիշողութիւնն ու մշակոյթը։ Թէեւ յաճախ բախած են պիտակաւորումներու եւ օտար վերաբերմունքի, անոնց ընտանիքներուն մէջ հայկական ինքնագիտակցութիւնը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ։
Շատերու համար հայ ըլլալը պարզապէս ծագում չէ, այլ ներքին զգացողութիւն եւ պատասխանատուութիւն՝ սեփական արմատներուն հանդէպ։ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու մէջ մինչեւ այսօր կ՚ապրին հայեր, որոնք կը շարունակեն կրել հայկական մշակոյթի, երգի եւ կենցաղի հետքերը։ Անոնց խօսքով՝ այս հողերուն վրայ տակաւին պահպանուած են նախնիներու յիշողութիւններն ու հետքերը, որոնք ժամանակի ընթացքին կարելի է վերակենդանացնել։
Յատկապէս կարեւոր դեր ունի հայկական երգն ու մշակոյթը, որոնք նոյնիսկ ձուլման պայմաններու մէջ պահպանուած են մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ։ Շատեր կը նշեն, թէ ազգային երգերը լսած են իրենց մեծ հայրերէն ու մեծ մայրերէն, եւ այդ յիշողութիւնը փոխանցուած է նոր սերունդներուն։
Թէեւ տակաւին կան մարդիկ, որոնք հեռացած են իրենց հայկական ինքնութենէն, այնուամենայնիւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նկատելի են փոփոխութիւններ։ Տարիէ տարի կ՚աճի հետաքրքրութիւնը սեփական արմատներուն, պատմութեան եւ մշակոյթին նկատմամբ։ Շատերու համոզումով՝ հայ ըլլալը միայն կրօնական կամ ծագումնաբանական հարց չէ, այլ առաջին կարգին սեփական ինքնութիւնը գիտակցելու եւ զայն պահպանելու կարողութիւն։
