Հայ մշակոյթի «ծանր հրետանին»՝ Յովհաննէս Շիրազը, Ուիլյամ Սարոյեանը, Վահագն Դաւթեանն ու Սերօ Խանզադեանը Գեղարդավանքի մէջ (1976 թ.)

  • by Editbeglari, May 28, 2026 in Ժառանգութիւն
114 դիտում

Հայ մշակոյթի «ծանր հրետանին»՝ Յովհաննէս Շիրազ, Ուիլյամ Սարոյեան, Վահագն Դաւթեան ու Սերօ Խանզադեան՝ Գեղարդավանքին մէջ (1976 թ.)։

Այս չորս մեծութիւնները հանդիպած էին քննարկելու հայոց ճակատագիրը, Արեւմտեան Հայաստանի ցաւը։ Այդ օրերուն Շիրազի եւ Սարոյեանի միջեւ յուզիչ ու զուարճալի պատմութիւն մը տեղի ունեցած է։

Սարոյեանին տեսակցելէ առաջ Շիրազին «պլպլան» խաղալիք ատրճանակ մը նուիրած էին՝ որդիին տանելու համար։ Սակայն հանդիպման ընթացքին Սարոյեան այնպիսի մանկական անկեղծութեամբ ու ջերմութեամբ կը գրկէ բանաստեղծը, որ Շիրազի սիրտը կը հալի։ Յուզուած բանաստեղծը գրպանէն կը հանէ նոյն այդ խաղալիքը ու կը նուիրէ աշխարհահռչակ հայրենակցին։

Բայց լուսանկարին մէջ ամենայուզիչը Շիրազի գլխարկն է։ Եթէ ուշադիր նայիք անոր ձեռքին մէջ գտնուող գլխարկին ներսը, պիտի նկատէք փոքրիկ, կլոր պատկեր մը։ Շիրազ սովորութիւն ունէր իր գլխարկներուն մէջ փակցնելու մօր՝ Աստղիկի լուսանկարը։ Ան կ’ըսէր, թէ այդ կերպով մայրը միշտ իր գլխաւերեւը կամ սրտին մօտ կը գտնուէր։