Հայ նկարիչ Նուրը աշխարհի արուեստագէտները կը հրաւիրէ պատկերելու Արարատը / Մասիսը

  • by Hasmik Karapetyan, October 02, 2026 in Ժառանգութիւն
104 դիտում

Հայ նկարիչ եւ ոսկերիչ Արման Դաւթեան (Նուր) միջազգային արուեստային նախագիծ մը նախաձեռնած է՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն արուեստագէտներ հրաւիրելով իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ ներկայացնելու Արարատը։

Նախագիծը արդէն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է միջազգային շրջանակներու մէջ։ Մինչեւ այժմ ստացուած է աւելի քան 300 յայտ, որոնց կարգին՝ Չիլիայէն եւ Ճափոնէն։

Նախագիծին ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպուի ցուցահանդէս մը, որ հետագային նախատեսուած է ներկայացնել նաեւ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մէջ։

Նուր նշած է, որ նախագիծը շարունակաբար պիտի ընդլայնուի։ Մասնակցելու կը հրաւիրուին ոչ միայն նկարիչներ, այլեւ քանդակագործներ, արուեստի վարպետներ, երաժիշտներ, գրողներ եւ բանաստեղծներ՝ Արարատ լերան վերաբերեալ իրենց գեղարուեստական մեկնաբանութիւնները ներկայացնելու համար։