Հիքմեթ Հաճիեւը Գանձասարն ու Դադիվանքը ներկայացուցած է որպէս «աղուանական» ժառանգութիւն

  • by Editbeglari, September 12, 2026 in Ժառանգութիւն
91 դիտում

Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտները Սեպտեմբեր 12-ին այցելած են Գանձասարի եւ Դադիվանքի վանական համալիրները։ Այցին առնչութեամբ Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը յայտարարութեամբ եւ տեսանիւթով հայկական պատմամշակութային յուշարձանները ներկայացուցած է որպէս «հին Կովկասեան Աղուանքի» քրիստոնէական ժառանգութեան մաս։

Հաճիեւ Գանձասարի հիմնադրումը վերագրած է «աղուանական իշխան Հասան Ջալալին»՝ միաժամանակ պնդելով, թէ «գրաւման տարիներուն» երկու վանական համալիրները ենթարկուած են միջամտութիւններու, որոնք խախտած են անոնց ճարտարապետական իսկութիւնը։

Ատրպէյճանի այս յայտարարութիւնները հերթական անգամ կը վկայեն Արցախի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ինքնութիւնը խեղաթիւրելու եւ զայն «աղուանական» ներկայացնելու քաղաքականութեան մասին։