Հայաստանի շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ կոչ ուղղած են Եւրոպական Միութեան՝ Ատրպէյճանէն պահանջելու հետաքննել Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, իւրացման եւ ձեւափոխման դէպքերը։
Յայտարարութեան համաձայն՝ Սեպտեմբեր 11-12-ին Արցախ այցելած օտարերկրեայ դիւանագէտներուն հայկական վանական համալիրները ներկայացուած են իբրեւ «կովկասեան աղուանական» ժառանգութիւն։ ՀԿ-ները մտահոգութիւն յայտնած են նման մօտեցումներու վերաբերեալ եւ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած՝ ապահովելու հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու անկախ միջազգային դիտարկումը։
