Սբ․ Գեւորգ Եկեղեցին կը գտնուի Մարտակերտին շրջանի Ճանկաթաղ գիւղի հիւսիսային մասը։
Ան կառուցուած է 17-րդ դարը։ Ատոր մասին կը վկայէ դռան քարին վրայ զետեղուած կարճ արձանագրութիւնը։ Եկեղեցին նկարագրած եւ արձանագրութիւնը հրատարակած է Մակար Բարխուդարեանց: Եկեղեցիին մէջ մեծ մասը քանդուած է խորհրդային տարիներուն: Կը պահպանուէր միայն հիւսիսային պատը եւ որոշ ծաւալներ:
Սուրբ Գեւորգ եկեղեցին վերականգնուած է ճարտարապետ Վալերի Հայրապետեանի նախագիծով 2018ին: Վերականգնման աշխատանքներու ատեն օգտագործուած են հին եկեղեցիին մնացած քարերը, բազմաթիվ խաչքարեր, որոնք գտնուած են տարածքէն: Եկեղեցիին վերականգնման ատեպ տեղադրուած է նոր բարաւոր, որու վրայ ըրուած է եկեղեցիին վերականգնման մասին արձանագրութիւնը։
«Արցախին մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» անկախ ակադեմիական հարթակէն կը յայտնեն, որ եկեղեցիի ներկայիս ծաւալները չեն տուժած 2020ին 44-օրեա պատերազմին ատեն: Սակայն 2023ին Սեպտեմբերուն Արցախին ամբողջական բռնազաւթումէն ետք եկեղեցիին ճակատագիրն անյայտ է:
