Մալաթիոյ հայկական հետքերով 

  • by WesternArmenia, October 30, 2026 in Ժառանգութիւն
62 դիտում

Բագրատ Էսդուգեանի՝ Մալաթիա կատարած եռօրեայ այցելութիւնը ներառած է գիրքի 12-րդ փառատօնին մասնակցութիւն եւ քաղաքի պատմամշակութային վայրերու ուսումնասիրութիւն։

Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը այցելած է Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին (Թաշ Խորան), Վենքի վանքը եւ Հայոց գերեզմանատունը։ Հակառակ հայկական կարգ մը յուշարձաններու նորոգման աշխատանքներուն՝ անոնց մէջ նկատելի է լքուածութեան մթնոլորտը։ Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ 2023 թուականի երկրաշարժին հետեւանքներուն, որոնք կը շարունակեն փոխել քաղաքին պատմական դիմագիծը։

Առանձնայատուկ մտահոգութիւն յառաջացուցած է հայկական ինքնութեան թաքցուած մնալու իրողութիւնը։ Հեղինակին համաձայն՝ քաղաքի հայ բնակիչներէն շատեր ստիպուած են քօղարկել իրենց ինքնութիւնը՝ ազգային եւ կրօնական անհանդուրժողութեան պայմաններուն տակ։

Եռօրեայ այցելութիւնը հնարաւորութիւն տուած է բացայայտելու Մալաթիոյ հայկական անցեալի հետքերը եւ ծանօթանալու քաղաքին ներկայ իրականութեան։