Ամէն ժողովուրդ իր հոգեկերտուածքին ու լեզուամտածողութեանը յատուկ անձնանուններ եւ տեղանուններ ունէ. կան անձնանուններ, որոնք յատուկ են այս կամ այն լեզուաընտանիքին ազգերուն, ատ եղած է նախաքրիստոնեական եւ նախաիսլամին ժամանակները եւ մասամբ պահպանուած է նաեւ հիմա:
Սակայն թեմային վերաբերեալ մտորումները եւ մտահոգութիւնն աւելի խորն են ու մեզի՝ հայերուս համար ցաւոտ:
Մինչեւ այսօր մեր մականուններու մէջ կան թուրքական, արաբական, պարսկական արմատներ, որոնք, որպէս խարան, դաջուած են մեր ազգային հոգիին վրայ։ Ո՞րն է հայերուս այդ օտարաբառ մականուններու առաջացման պատճառը: Ի դէպ, այդ օտար պետութիւններու յարկային գրանցամատեանները հայերուն գրանցած են ոչ թէ հային տոհմական անունով, այլ արաբին, պարսիկին, թուրքին ու ռուսին լեզուամտածողութեանն ընկալելի, այդ գերդաստանին զբաղմունքին համապատասխան իրենց լեզուով անուանում. օրինակ՝ Սաֆար-եան, Սաֆար-բեկեան, արաբերէն՝ ճանապարհորդ, Յուզբաշեան, իւզ` թուրք. հարիւր, բաշ` գլուխ, գլխաւոր-հարիւրապետ-եան, Չարչօղլեան-թուրքերէն` մանրավաճառին, առեւտրականին զաւակ, Ղասաբօղլեան` մսագործին զաւակ, Քեշիշօղլեան-թուրքերէն՝ քահանային որդի (վիրաւորականն այն է, որ այսօր այդ ազգանունով բարձրաստիճան հայ հոգեւորական ունինք), Ասլան-եան-պարսկերեն՝ Առիւծ-եան, Դեմիրճեան – Դարբինեան, Պետրոսով, Ակոպով-ռուսական մականուններու վերջաւորութեամբ:
Կան նաեւ օտար հայեր, որոնք կը կրեն օտարազգի նշանաւոր մարդոց մականուններ եւ անուններ, անգամ յապավումներով անուններ. Մելս` Մարքս, Էնգելս, Լենին, Ստալին եւ այլն։ Օրինակներ կարելի է շատ բերիլ, բայց հոս կարեւորն էութիւնն է, քաղաքական ենթատեքստը եւ ազգային արժանապատւութեան ոտնահարումը, որը մեզի կուղեկցէ սա ալ քանի դար։ Զարմանալին ու ցաւալին այն է, որ մենք այսօր անկախ պետականութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք, բայց չենք գիտակցեր, որ մեր մականուններու օտարալեզու արմատները նախ կը յիշեցուն մեզի ու մեր սերունդները մեր անազատ եւ նսեմացած ժամանակները։ Թիւրքերն անգամ կը յաւակնեն յայտարարելու, թէ մենք իբր թուրքերուն բռնի hայացուցած ենք. վկան՝ մականուններու թուրքական արմատները: Որպէսզի իմ այս խորհրդածութիւններն ու յորդորը՝ ուղղուած մեր ժողովուրդը, չդիտուին պարզապէս մտավարժանք, կուզեմ մեր գերդաստանին օրինակը բերիլ:
Այս թեմային վերաբերեալ գրող, յրապարակախօս՝ Մարի Բարսեղեան-Խանջեան կը գրէ․
«Իմ պապերս Կարնոյ նահանգեն են, բռնագաղթի են ենթարկուած 1828-30թթ. ռուս-թուրքական պատերազմեն ետք եւ տեղափոխուած են Ջաւախք: Երկրին մէջ մենք եղած ենք Սուքիասեաններ: Բայց մեր գերդաստանին օտարահունչ անուան հետ պատմութիւն մը սերնդեսերունդ պատմուած է: Իմ պապերս եղածեն կալուածատեր, բնականաբար, ունեցած են նաեւ մեծ թիւով ոչխարներ եւ կովեր: Դեռ Երկրին մէջ եղած ժամանակ, օրերեն օր մը թուրք աւազակները կը յարձակուին պապերուս բազմագլուխ նախիրն ու ոչխարին հոտն արածեցնող անզեն հովիվների և նախրապանների վրա, անոնցմէ մէկը կը սպանեն, միւսները կը վիրաւորեն եւ հոտն ու նախիրը կը քշեն-կը տանին: Իմ պապերս շրջապատին մէջ յարգուած մարդիկ են եղած, անգամ հարեւան գիւղերու թուրքերը, որ բերքայաւաքին ատեն յաճախ վարձով աշխըտած են անոնց մօտ, միշտ ակնածեր են անկէ: Ականատեսները աւազակներու հարձակման լուրը կը յասցնեն Սուքիասեաններու գերդաստանին մեծը: Պապերս կը յաւաքեն գերդաստանին բոլոր տղամարդոց, կը նստեն ձիերը, զինուած կը գնեն աւազակներու յետեւեն: Կը հասնին անոնց եւ կը կանչեն հոտն ու նախիրը պաշտպանող շուները: Շուները, երբ կը լսեն իրենց տերերուն ձայնը, կը վազեն անոնց կողմը: Մերոնք, միայն իրենց յայտնի հնչիւններով-ձայներով, շուները հարձակման կը մղեն աւազակներու վրայ ու իրենք ալ շուրջկալ կընեն անոնց, կը սպանեն, նախիրն ու հոտը կը շրջեն դէպի տուն ու յաղթանակով կը վերադառնան: Յայտնի իրողութիւն էր, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը զէնք կրելու, առաւել եւս գործածելու իրաւունք չեն ունեցած: Եթէ այս միջադէպը իշխանութիւններն իմանային, ապա ողջ գերդաստանը սրի կքաշեին:
Գերդաստանի մեծը՝ Տրդատը, ուժեղ ու յամարձակ հայ այր մըն էր, կը շտապէ տուն, որպէսզի, օրը դեռ չաւարտուած, հանդիպէ գաւառապետը ու յարթէ միջադէպին յետեւանքները: Ան պուլիկ մը ոսկի կը վերցնէ, քանի մը քաղցր գաթա ու կերթա գաւառապետին մօտ: Սեղանը կը դնէ նախ քաղցր գաթաները՝ որպէս իրենց յանդիպման ու խօսակցութեան յաշտ ու բարի ընթացքին գրաւական, ապա՝ մետաքսէ կտորով փաթաթուած պուլիկ մը ոսկին եւ կը պատմէ եղելութիւնը՝ փաստարկելով, որ իր գերդաստանը կառավարութեանն օգնած է աւազակները ոչնչացնելու գործին մէջ…Գաւառապետը կը տեսնէ մի պուլիկ ոսկին, ամէն ինչ կը մօռնա եւ զեկուցագիր կը գրէ նահանգապետը, որ իր խումբ մը կտրիճները ոչնչացուցած են չեչեններու ու քուրդերու մեծ աւազակախումբ մը, ետք հիացած կըսէ մեծ պապս.
«Սեւ գողութիւն բերիք աւազակներու գլուխը»: Այդ օրուընէ մեր գերդաստանին կեղծանունը կը դառնա «Սեւ գողութիւն բերող», եւ երկար տարիներ հարկային մատեաններու պաշտօնական գրառումներու մէջ անգամ գրած են թուքերէն՝ «Ղարախըրխըզ»: Բայց երբ կը գաղթեն Արեւելեան Հայաստան, Ջաւախքին մէջ կազատուին այդ թուրքական խարանեն: Չորս եղբայրներու գերդաստանը, որ բաւականին մեծացած էր, եւ Սուքիասեան մականունն այլեւս չէր կրնա բոլորը տարբերակիլ, իւրաքանչիւր եղբոր զաւակներն մականուն կը դարձուն իրենց անմիջական պապին անունը: Ատանկ ալ մենք կը դառնանք Բարսեղեան՝ պապիս հոր՝ Բարսեղին անունը դարձնելով մականուն»:
Ահա ասանկ որոշ հայ ընտանիքներու ու գերդաստաններու անունն ունի իր տխուր, ամոթալի ու ստորացուցիչ պատմութիւնը, որը պատիվ չի բերեր եւ՛ իւրաքանչիւր հայի՝ որպէս անյատի, եւ՛ մեր ժողովուրդին՝ որպէս ազգի, էթնօսի: Բարեբախտաբար, այսօր կան հայ երիտասարդ ընտանիքներ, ովքեր կը գիտակցեն եւ կամչնան այդ օտարալեզու արմատներով եւ բառերով կազմուած իրենց մականուններեն եւ պաշտօնապէս կը փոխեն իրենց մականունները՝ վերականգնելով կա՛մ նախկին տոհմական անուանումը, կա՛մ անուանի պապերեն մէկին անունը մականուն կը դարձնեն: Շնորհակալութիւն այդ հայ մարդոց, որ արդեն սկսած են մաքրիլ իրենց տոհմին պատմութիւնն այդ ստորացնող խարանեն: Ես կը գնահատեմ այդ մարդոց ձգտումը` օտարալեզու արմատներով իրենց մականունը փոխելու գիտակցումը:
Յարգենք մեր պապերը, անոնց հայկական անունով վերանուանենք մեր ազգանունը կամ պատմականօրէն որեւէ արհեստին ավանդոյթներ ունեցած անուանումը հայաբառ վերականգնենք եւ ատանկ շարունակենք գերդաստանին տոհմածառը, բայց օտարի խարանը չդարձնենք տոհմանուն մեր ներկա եւ գալիք սերունդներու համար։
Փորձե՛նք մեր շրջապատը օտարահունչ մականուններ ունեցող մարդոնց եւս բացատրիլ եւ յորդորիլ, որ անոնք ալ մաքրեն իրենց գերդաստանին վրայեն նվաստացնող ստրկութեան այդ խարանը… Ես կը կարծեմ, որ մենք այս հայապահպան նախաձեռնութեամբ նաեւ պատասխան կուտանք քաղաքական այն ոյժերը, որոնք մեզի կը տանին թրքահաճ գոյութեան…
Սա կըլլա նաեւ մեր պատասխանը մեզ քաղաքական եւ բարոյական ճնշումներու ենթարկած այն ժողովուրդներուն, որոնք առաւելութիւն մը չեն ունեցած մեր յանդէպ, եւ ճիշտ յակառակը` անկէ որոշներու առավելութիւնը միայն բարբարօսութիւնն է եղած քաղաքակիրթ ու մշակութաստեղծ մեր ժողովուրդին համեմատ…
