


Արեւմտեան Հայաստանի Բիւրակնի (Պինգէօլ) Ատաքլի բնակավայրին մէջ պատմական Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մնացորդները պահպանուած են ներկայիս Կեդրոնական մզկիթին եւ Ղուրանի դպրոցին տակ։ Պատմական աղբիւրներու մէջ Աստղաբերդ անունով յիշատակուող բնակավայրը 1872 թուականին ունեցած է 79 հայկական եւ 29 քրտական տնտեսութիւն։
Եկեղեցւոյ պահպանուած հատուածներէն կ՚առանձնանայ կամարակապ քարաշէն սենեակը, որուն մուտքի քարին պատկերուած է Սուրբ Գէորգի՝ ձիու վրայ վիշապը նիզակահարելու բարձրաքանդակը։ Եկեղեցւոյ տարածքին հետ կապուած է նաեւ հին սուրբ աղբիւրը, որուն ջուրը մինչեւ այսօր կը հոսի շրջանի շատրուանէն։
Սակայն հայկական պատմամշակութային այս յուշարձանը պատշաճ պահպանութեան չարժանանար․ եկեղեցւոյ մնացորդները ներկայիս կը ծառայեն իբրեւ պահեստ։ Բարձրաքանդակը եւ պատմական կառոյցը վտանգուած են գանձագողերու ոտնձգութիւններուն եւ անուշադրութեան պատճառով, ինչ որ հրատապ կը դարձնէ անոնց պահպանութեան անհրաժեշտութիւնը։
