Հոկտեմբեր 13-ին Երեւանի «Զանգակ» գրատան մէջ ներկայացուած է իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վէպին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Վարդան Մաթէոսեանի թարգմանութեամբ եւ «Սիս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած գիրքը կը պատմէ Հայերու Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերէն ամենամեծ ձեռագիր մատեաններէն մէկուն՝ Մշոյ ճառընտիրին փրկութեան իրական պատմութիւնը։
Հեղինակը վէպին մէջ կը կարեւորէ հայ կիներու խիզախութիւնն ու անձնազոհութիւնը։ Անոնք, յաղթահարելով անձնական ողբերգութիւններն ու բազմաթիւ փորձութիւնները, պայքարած են հայկական մշակոյթի անգնահատելի գանձը փրկելու համար։ Պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին նաեւ յոյն կերպարները, որոնք օգնութեան ձեռք երկարած են հայերուն։
Գիրքին շնորհանդէսին ընթացքին ընթերցուած են հատուածներ, որոնք կը ներկայացնեն կոտորածներու եւ բռնագաղթերու սարսափները, ինչպէս նաեւ հայ կիներու՝ գոյատեւելու եւ իրենց ժառանգութիւնը պահպանելու պայքարը։
Անթոնիա Արսլանի խօսքով՝ վէպին առանցքը կը կազմեն երկու կարեւոր գաղափար՝ հայ կիներու տոկունութիւնն ու գրաւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Մշոյ ճառընտիրին փրկութեան պատմութիւնը կը յիշեցնէ, որ ձեռագիր մատեանները պարզապէս անցեալի վկաներ չեն, այլեւ հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան, մշակութային շարունակականութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշներ։
