Արեւմտեան Հայաստանի Պէթմանի նահանգի Գերջուշ (Կերջեւս) գաւառի Բընքելպէ (Չուքուրյութ) գիւղին մէջ վերաբացուած է երկար տարիներ չգործող Մոր Շեմուն դ’Զէյթէ ասորական եկեղեցին։ Եկեղեցին վերականգնուած է 1980-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք արտասահման տեղափոխուած ասորական ընտանիքներու աջակցութեամբ, որմէ ետք այնտեղ մատուցուած է առաջին պատարագը։
Տուր Աբտինի աւանդական քարաշէն ճարտարապետութիւնը կրող եկեղեցին կը վկայէ Բընքելպէի մէջ ասորական համայնքի պատմական ներկայութեան եւ տարածաշրջանի բազմակրօն անցեալին մասին։
Եկեղեցին նուիրուած է Մոր Շեմուն դ’Զէյթէին, որ ապրած է 657–734 թուականներուն։ Ըստ աւանդութեան՝ ան Մոր Գաբրիէլ վանքին մէջ ստանալով կրօնական կրթութիւն՝ վանքին շրջակայքը շուրջ 12 հազար ձիթենիի տնկի տնկած եւ նպաստած է տարածաշրջանին մէջ ձիթապտղագործութեան զարգացման։ Այդ պատճառով ալ ան ստացած է ասորերէն «դ’Զէյթէ»՝ «ձիթենագործ» անունը։
