Մուսա լերան հայութեան պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը 

  • by WesternArmenia, October 05, 2026 in Ժառանգութիւն
126 դիտում

Սեպտեմբեր 28-ին Երեւանի Վալերի Բրյուսովի անուան պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մուսա լեռէն Սփիւռք․ ինքնութիւն, յիշողութիւն եւ համայնք» խորագրով բանախօսութիւն։ Բանախօսն էր Գանատայի «Հորիզոն» եւ ԱՄՆ-ի «Հայրենիք» թերթերու նախկին գլխաւոր խմբագիր, գրող եւ հետազօտող Վահագն Գարագաշեան։

Գարագաշեան ներկայացուց Մուսա լեռան հայութեան պատմութիւնը, 1915-ի հերոսամարտը, մուսալեռցիներու հետագայ գաղթերը, Այնճարի հայկական համայնքի կազմաւորումն ու ազգային ինքնութեան պահպանման ուղիները։

Մուսա լեռան հերոսամարտը տեւեց 45 օր՝ 1915-ի Յուլիս 31-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 13։ Մովսէս Տէր Գալուստեանի գլխաւորութեամբ շուրջ 600 հայ մարտիկներ դիմադրեցին օսմանեան զօրքերուն։ Սեպտեմբեր 12-13-ին ֆրանսական հինգ ռազմանաւեր շուրջ 4000 մուսալեռցիներ տեղափոխեցին Եգիպտոսի Փորթ Սայիտ նաւահանգիստ։ Հետագային մուսալեռցի կամաւորները կարեւոր դեր ունեցան նաեւ Հայկական լէգէոնի կազմին մէջ։

1919-ին մուսալեռցիներու մէկ մասը վերադարձաւ իր պապենական գիւղերը, սակայն 1939-ին, երբ Ալեքսանտրէթի վարչական շրջանը փոխանցուեցաւ Թուրքիոյ, անոնք կրկին ստիպուեցան հեռանալ։ 5125 մուսալեռցիներ տեղափոխուեցան Լիբանանի Բեքաայի հովիտ եւ հոն հիմնեցին Այնճար քաղաքը։ Անոնց մէկ մասը հետագային հայրենադարձուեցաւ Հայաստան։

Բանախօսութեան ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լեռան 40 օրը» վէպին, որ Մուսա լեռան հերոսամարտը ներկայացուց համաշխարհային ընթերցողին եւ դարձաւ պատմական յիշողութեան կարեւոր մաս։

Գարագաշեան առանձնացուց Վագըֆի եւ Այնճարի օրինակները՝ որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւոր կեդրոններ։ Այսօր Այնճարի մէջ կը գործեն հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ։ Մուսալեռցիները կը շարունակեն պահպանել նաեւ իրենց բարբառը, երգերը, աւանդապատումները եւ աւանդական պարերը։