«Յիշողութեան տետրերը» ցուցահանդէսը՝ հայ կիներու ձգած ժառանգութեան մասին 

  • by WesternArmenia, October 23, 2026 in Ժառանգութիւն
92 դիտում

Կոստանդնուպոլսոյ «Հայելի անցում» ցուցասրահին մէջ բացուած է «Հայ Կինէն մինչեւ Արշօ․ Յիշողութեան տետրերը» խորագրով ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ հայ կիներու գրական ժառանգութիւնն ու անոնց ձգած պատմական հետքերը։ Կիներու գործերու գրադարանի եւ տեղեկատուական կեդրոնի հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսը այցելուներուն համար բաց է Հոկտեմբեր 14-էն մինչեւ Նոյեմբեր 14։

Ցուցադրութեան հիմքը կը կազմեն 1919-1933 թուականներուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրատարակուած «Հայ կին» պարբերականը եւ Արշալոյս Տոնիկօղլուի՝ Արշօյի անձնական օրագրերը։ Հայկանոյշ Մարքի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսնող ամսագիրը կ՚անդրադառնար կիներու կրթութեան, աշխատանքին, հասարակական դիրքին ու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի կեանքին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն։

Ցուցահանդէսի ընթացքին հանրային կեանքը ներկայացնող պարբերականի էջերը համադրուած են անձնական օրագրերուն հետ՝ բացայայտելով կիներու փորձառութեան, առօրեային եւ յիշողութեան տարբեր երեսները։ Նկարիչ Տամլա Սանտալ Արշօյին օրագրերուն ընտիր էջերը վերամեկնաբանած է ասեղնագործութեան միջոցով՝ ցուցադրութեան հաղորդելով նաեւ գեղարուեստական նոր շերտ մը։