Նոր գիրք՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին

  • by Editbeglari, July 24, 2026 in Ժառանգութիւն
114 դիտում

Քորնըլ համալսարանի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «Ժառանգութեան հետաքննութիւն․ մշակոյթը հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան առաջնագիծին վրայ» (Heritage Forensics: Culture on the Front Lines of the Armenia-Azerbaijan Conflict) գիրքը, որուն հեղինակներն են Լորի Խաչատուրեան, Ատամ Թ. Սմիթ, Եան Լինտսէյ եւ Յուսիկ Ղուլեան։

Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, իւրացման եւ պաշտպանութեան խնդիրները՝ առաջարկելով «ժառանգութեան հետաքննութիւն» նորարարական մեթոտաբանութիւնը։ Ան կը համադրէ արբանեակային պատկերներու վերլուծութիւնը, թուային արհեստագիտութիւնները, պատմական աղբիւրներն ու միջգիտակարգային հետազօտութիւնները՝ մշակութային ժառանգութեան դէմ գործուած խախտումները փաստագրելու նպատակով։

Գիրքին մէջ առանձնայատուկ տեղ յատկացուած է Արցախի եւ Նախիջեւանի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան։ Հեղինակները կը վերլուծեն 1988-2023 թուականներու իրադարձութիւնները՝ անդրադառնալով հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, խաչքարերու եւ այլ յուշարձաններու ոչնչացման ու իւրացման դէպքերուն։

Աշխատութիւնը նաեւ կը ներկայացնէ Caucasus Heritage Watch (CHW) նախաձեռնութեան գործունէութիւնը, որ 2020-էն ի վեր անկախ մշտադիտարկում կը կատարէ շրջանի մշակութային ժառանգութեան՝ օգտագործելով արբանեակային պատկերներ եւ գիտական հետազօտութեան արդիական մեթոտներ։

«Ժառանգութեան հետաքննութիւն» գիրքը կարեւոր ներդրում մըն է մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ՝ շեշտելով փաստահեն հետազօտութիւններու, միջազգային իրաւական մեխանիզմներու եւ պատմական յիշողութեան պահպանման նշանակութիւնը արդի հակամարտութիւններու պայմաններուն։