Յոյն լուսանկարիչ Տիմիթրա Սթասինոփուլուն ներկայացուցած է նոր լուսանկարչական ալպոմ մը՝ նուիրուած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Իրանի պատմական ու մշակութային յուշարձաններուն։
2017 թուականին լուսանկարիչը այցելած է Վանայ լիճ, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցի եւ Անի, ապա մեկնած է Իրան, ուր լուսանկարած է Սպահանի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Ստեփանոս վանքերը։
Սթասինոփուլուն իր այցելութիւններուն մասին պատմելով՝ առանձնայատուկ յուզումով կը յիշէ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին եւ Անիի աւերակները՝ ընդգծելով հայկական պատմական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը։
Լուսանկարիչը լուսանկարչութեամբ սկսած է զբաղիլ 50 տարեկանին եւ մինչ օրս հրատարակած է հինգ տպագիր եւ հինգ ելեկտրոնային հաւաքածոներ։ Նոր ալպոմը հասանելի է առցանց։
