Նոր քայլեր՝ Պուրսայի հայկական եկեղեցին մշակութային կեդրոնի վերածելու ուղղութեամբ 

  • by Editbeglari, September 29, 2026 in Ժառանգութիւն
97 դիտում

Թրքական իշխանութիւնները նոր քայլեր ձեռնարկած են Պուրսայի Յըլտըրըմ գաւառին մէջ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցին մշակութային կեդրոնի վերածելու ուղղութեամբ։ Եկեղեցւոյ կից շէնքը պետականացուած է՝ ապագայ մշակութային կեդրոնի կազմին մէջ ներառելու նպատակով։

Յըլտըրըմի քաղաքապետարանը կը նախատեսէ եկեղեցւոյ շրջակայքին գտնուող այլ շէնքեր եւս ներառել նախագծին մէջ։

Նշենք, որ Հայերու Ցեղասպանութենէն առաջ Պուրսայի մէջ կը բնակէր մեծաթիւ հայկական համայնք։ Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ 1912 թուականին քաղաքին մէջ կ՚ապրէր աւելի քան 14 հազար հայ։ Մինչեւ 1915 թուականը Պուրսայի եւ հարակից գաւառներուն մէջ կը գործէին աւելի քան 17 հայկական եկեղեցիներ, որոնց շարքին՝ Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Հրեշտակապետ, Սուրբ Սարգիս, Սուրբ Թադէոս-Բարդուղիմէոս, Սուրբ Յակոբ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցիները։