Շիրակի մարզին մէջ շաբաթներ առաջ մեկնարկած պեղումները հետաքրքիր շերտեր բացայայտած՝ նորայայտ յուշարձանին տեսքով։ Ասոր մասին կը տեղեկանանք Սպուտնիկ Արմենիայէն։
Ջրաձորի ամրոցակիր բլրի գագաթին՝ աւելի քան 1800 մետր բարձրութեան վրայ, հողի հաստ շերտին տակ հնագէտները կոթողային, քառանկիւն, տուֆաշէն շինութիւն յայտնաբերած են։ Հնագիտական նախնական վարկածով` ուրարտական ժամանակներու տաճար է։
Ջրաձորին ամրոցին կարճատեւ պեղումները խորհրդային ժամանակները՝ 1980-ականներուն, ըրուած էին` պայմանաւորուած պատահաբար բացուած բրոնզեդարեան շերտով եւ անտիկ կարասային թաղումներով, սակայն ատոնք չէին շարունակուած։ Արշաւախումբի ներկայիս ղեկավար Պէն Վարդանեանի խօսքով՝ տարածքին սիստեմատիկ պեղումները սկսուեցան 2016ին։ ԳԱԱ Շիրակի հայագիտական հետազոտութիւններու կեդրոնի արշաւախումբը հէնց առաջին տարին պեղեց ամրոցի հիւսիսային լանջին պարսպի ստորին յատուածները։
Ատ ատեն ալ բացայայտուեցաւ ամրոցին կարեւորութիւնը։ Պարսպին տակ յայտնաբերուեցան ուրարտական զէնքերու մնացորդներ, խեցանոթներու կոտրուած բեկորներ եւ այլն։ Պեղող հնագէտներուն գտածոները հիմք տուեցին եզրակացնելու, որ գործ ունին ուրարտական հարձակման, ամրոցի գրաւման եւ վերաօգտագործման հետ (ամրոցը դեռ նախաուրարտական ժամանակներուն է հիմնադրուած)։ Արդեն հաջորդ տարուա պեղումներու ատեն բացայայտուեցաւ նաեւ նախաուրարտական՝ երկաթեդարեան շերտը՝ մ․թ․ա 8-9-րդ դարեր։ Իւրաքանչիւր տարուա պեղումները կը հարստացնեին ու կաւելցնեին Ջրաձորին ամրոցին հնագիտական շերտերը։
«Ի տարբերութիւն Աշոցքի եւ Շիրակի այլ ամրոցներու, որոնք 1-2 մշակութային շերտ ունին, Ջրաձորին ամրոցը հին Հայաստանի պատմութեան շերտագրական ամբողջ շղթան հոս կայ, որն կաւարտուի ուրարտական ներկայութեամբ»,- կը նշէ արշաւախումբի անդամ, հնագէտ Լեւոն Մկրտչեան։
Հնագէտն ուշադրութիւն կը յրաւիրէ ամրոցին աշխարհագրական դիրքին, ինչին շնորհիվ ալ բոլոր ժամանակները ան գերիշխող ու կարեւոր եղած է ։
«Ամրոցին դիրքը շատ հետաքրքիր է․ կողմէն մը Ախուրեան գետին կիրճն է, միւս կողմէն՝ Հողմիկ գետին կիրճը, որոնք ամրոցին կը յաղորդեն անմատչելիութիւն եւ կը բացեն ճանապարհներ դէպի հիւսիս՝ Աշոցք ու դէպի արեւմուտք՝ Արդահան, Տայք եւ այլն, նաեւ դէպի հարաւ՝ Շիրակին դաշտ»,- կը նշէ հնագէտը։
Հետաքրքիր է, որ կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւնն ինչ-որ առումով այս ամրոցն անգամ 20-րդ դարի կէսերուն է պահպանած։ Խորհրդային Միութեան ատեն հոս զորավարժութիւններ են անցկցուած, խրամատներ են փորուած, որոշակի կառուցապատում է ըրուած, ինչին հետեւանքով նաեւ յուշարձանը որոշ խաթարումներ է ունեցած։
Այն, որ ամրոցակիր բլրին գագաթին ուրարտական տաճար կայ, որեւէ կերպ տեսանելի չէր։ Հնագէտներու նախնական կարծիքով՝ ուշ ուրարտական ժամանակաշրջանը կառուցուած է, իսկ արդեն միջնադարը վերաօգտագործուած է որպէս աղոթատեղի, ինչը եւս տարածաշրջանին բնորոշ մշակութային ժառանգորդութեան դրսեւորումներէն է։ Հնագէտները կը յիշեցնեն՝ խաչքարացուած վիշապաքարեր ալ ունինք տարբեր վայրերը։
Նախնական վարկածով՝ գործ ունինք «սուսի» կոչուող տաճարին հետ։
«Աս կոթողային շէնք է՝ ժայռային հիմքով, միայն պատի հաստութիւնը մօտ 2 մետր է։ Ամէն հասարակութիւն չէ, որ զինքը թոյլ կուտար ատանկ բան մը, կը նշանակե՝ գործ ունինք կեդրոնաձիգ պետութեան կառուցապատումին հետ»,- կը շեշտէ հնագէտ Լեւոն Մկրտչեան։
Աս պեղումնաշրջանն արդեն աւարտուած է, ներսոյթը դեռեւս պեղուած չէ, իսկ ատ, ըստ հնագէտներու, առանձին թեմա է։ Յոյս ունին յաջորդ տարին շարունակիլ։
