Շուշիի արեւելեան գերեզմանատունը հողին հաւասարեցուած է․ խաչքարերու եւ տապանաքարերու փոխարէն՝ կոյուղատար․ «Ազատութիւն» 

  • by Editbeglari, September 11, 2026 in Ժառանգութիւն
106 դիտում

Շուշիի արեւելեան պատմական գերեզմանատան տապանաքարերն ու 12-13-րդ դարերու խաչքարերը այսօր հողին հաւասարեցուած են։ Այդ տարածքին մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները այժմ կոյուղատար խողովակներ կը տեղադրեն։

Շուշիի այս պատմական գերեզմանատան մէջ միայն հայեր չէին թաղուած․ այստեղ կը հանգչէին նաեւ Ռուսական կայսրութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ եւրոպացիներ։ Այստեղ կը գտնուէր նաեւ գերմանացի փրոֆէսորի դուստր Սոֆիա-Ռեգինա Ռիանդերի տապանաքարը։

Արցախի յուշարձաններով աւելի քան 50 տարի զբաղող Սլաւա Սարգսեանն ալ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական հետքերու հերթական ոչնչացման մասին, ինչպէս շատեր, տեղեկացած է Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկման միջազգային կեդրոնի փաստագրութենէն։