Ուրարտուի կնոջ մը՝ զարդերով թաղուած դամբարանը յայտնաբերուած է Վանի մէջ 

  • by WesternArmenia, October 13, 2026 in Ժառանգութիւն
103 դիտում

Վանի նահանգի Կիւրպընարի շրջանին մէջ՝ Չաւուշթեփէի ամրոցին տարածքին, հնագէտները յայտնաբերած են ուրարտացի ազնուական կնոջ մը դամբարանը՝ հարուստ զարդերով։ Գիւտը կատարուած է հնավայրի դամբարանադաշտին մէջ իրականացուող պեղումներուն ընթացքին։

Վանի Եիւզիւնճու Եըլ համալսարանի հնագիտութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆէսօր Ռաֆէթ Չաւուշօղլու նշած է, որ երեք տարուան հետազօտութիւնները կարեւոր տեղեկութիւններ բացայայտած են ուրարտացիներու թաղման աւանդոյթներուն վերաբերեալ։

Անոր խօսքով՝ յայտնաբերուած աճիւնը հաւանաբար կը պատկանէր 20–25 տարեկան կնոջ մը։ Կմախքին վրայ պահպանուած զարդերու գրեթէ ամբողջական հաւաքածոն կը վկայէ, որ զարդերը կարեւոր տեղ ունեցած են ուրարտացի կիներու կեանքին եւ թաղման ծէսերուն մէջ։

Այս յայտնագործութիւնը նոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Ուրարտուի հասարակութեան մշակոյթին, կիներու զարդարանքի աւանդոյթներուն եւ թաղման ծիսակարգերուն մասին։