Պինկէօլի պատմական Քիղի-Ատաքլը շրջանի Չանաքչը գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին ոչնչացման վտանգի առջեւ կը գտնուի։ 1915-էն առաջ գիւղին մէջ բնակած է 177 տուն՝ 1216 հայ բնակչութեամբ, իսկ եկեղեցին համայնքի կարեւոր հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոններէն մէկն էր։
Պատմական աղբիւրներուն համաձայն՝ եկեղեցին կառուցուած է 1800 թուականին (որոշ աղբիւրներու մէջ՝ 1817-ին)՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ճարտարապետական կրթութիւն ստացած քիղեցի վարպետ Զադուրի կողմէ։ Սեւ պազալթէ կառուցուած եռանաւ պազիլիք եկեղեցին կը յատկանշուի քարաշէն սիւներով եւ թաղակապ ծածկով։
Չանաքչըի հայկական վարժարանը հիմնադրուած է 1880-ականներու սկիզբը։ 1901-ին այնտեղ ուսանած է 75, իսկ 1913-ին՝ արդէն 190 աշակերտ։
Հետագայ տարիներուն Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին որոշ ժամանակ օգտագործուած է որպէս գիւղի մզկիթ, սակայն նոր մզկիթի կառուցումէն ետք լքուած է։ Այսօր շէնքին պատերուն վրայ ճաքեր յառաջացած են, տանիքը ծածկուած է բուսականութեամբ, իսկ ներսը ապօրինի պեղումներու հետեւանքով վնասուած են յատակը եւ սիւներու հիմքերը։
Այսուհանդերձ, եկեղեցւոյ քարաշէն կամարներն ու սիւները, ինչպէս նաեւ պատերուն ներկերու եւ որմնանկարներու հետքերը տակաւին պահպանուած են՝ վկայելով կառոյցին պատմական արժէքին մասին։
