Պաքուի աղուանական թեզը կը սպառնայ նաեւ Ախթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ․ Աւանեսով 

  • by WesternArmenia, October 30, 2026 in Ժառանգութիւն
95 դիտում

2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ օրս Արցախի մէջ արձանագրուած է ատրպէյճանական կողմէ իրականացուած մշակութային կործանման աւելի քան 1000 դէպք։ Այս մասին COP17-ի ծիրէն ներս կազմակերպուած քննարկման ընթացքին յայտարարած է կովկասագէտ եւ հասարակական գործիչ Յովիկ Աւանեսով՝ նշելով, որ դէպքերը կը հաստատուին արբանեակային լուսանկարներով, միջազգային կազմակերպութիւններու զեկոյցներով եւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ հրապարակուած նիւթերով։

Աւանեսովի խօսքով՝ վտանգուած են ոչ միայն պատմական գերեզմանատուներն ու վանական համալիրները, այլեւ անոնց կից բնական տարածքները։ Ան մասնաւորապէս նշած է, որ Ստեփանակերտի հեռուստաաշտարակին շինարարական աշխատանքները կը կատարուին Գիւլուխանի վանքին մերձակայքը, ուր արդէն նկատելի է շինարարական սարքերու կուտակում։

Անդրադառնալով հայկական եկեղեցիներն ու ժառանգութիւնը աղուանական ներկայացնելու ատրպէյճանական թեզերուն՝ Աւանեսով նշած է, որ այս քաղաքականութիւնը տասնամեակներու պատմութիւն ունի։ Անոր գնահատմամբ՝ կեղծարարութեան աշխարհագրութիւնը այսօր կ՚ընդգրկէ ոչ միայն Արցախը, Ուտիքը եւ Նախիջեւանը, այլեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները։ Նման վտանգի առջեւ կը գտնուի նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող Ախթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին։