
Արեւմտեան Հայաստանի Պուրսա քաղաքի Յըլտըրըմ շրջանին մէջ գտնուող պատմական հայկական եկեղեցւոյ վերագործարկման ծրագրին մէջ նոր քայլ իրականացուած է։ Եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող շէնքը քաղաքապետարանին կողմէ օտարուած է՝ մշակութային կեդրոնի ծրագրին մէջ ներառելու նպատակով։
Նախատեսուած է ընդլայնել ծրագրի տարածքը եւ եկեղեցւոյ շրջակայքը ներառել մշակութային համալիրին մէջ։ Շէնքին քանդման աշխատանքներն արդէն սկսած են։
Յըլտըրըմի քաղաքապետարանը նպատակ ունի վերականգնել պատմական հայկական եկեղեցւոյ օգտագործումը՝ զայն վերածելով մշակութային կեդրոնի եւ պատմական կառոյցը վերադարձնելով քաղաքի հասարակական կեանքին։
