Արձակագիր Լեւոն Ջաւախեանի ֆէյսպուքեան գրառումը.
«ՔԱՐ ԱՌ ՔԱՐ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔԱՆԴՈՒԻ
Կիւրիկեան թագաւորութեան Վանենի թագուհին իր վաղամեռիկ ամուսնոյն յիշատակին, որ «կիսաւրէ մեռեալ եւ խաւարեսցոյց զմեզ», մեծագոյն սիրով եւ նուիրումով կառուցեց Սանահինի կամուրջը՝ կից խաչքարին փորագրելով. «Ծիծս կոկոմ սկսեցի, մազս սպիտակ աւարտեցի»։
Արդէն քանի տարի է Դեբետի աննախադէպ վարարումէն կամուրջին հիմնապատը վնասուած է՝ առաջ բերելով կործանարար խորշ։ Նոյնքան տարի աղէտին կապակցութեամբ տագնապով կ՚աղաղակենք։
ՁԱՅՆ ԲԱՐԲԱՌՈՅ ՀԱՆԱՊԱՏԻ…
Գուցէ պատկան մարմիննե՞րն ալ աղէտի մատնուած են…
Մանեսի Քարի կամուրջը մանկութեանս քաղաքի հազարամեայ զարդն է…
Թքած ունիմ պատկան մարմիններուն ալ, հոն ծուարած եւ անգործութեան մատնուած պատասխանատու անձերուն ալ՝ ճակատներուն»։
