Վանայ լիճի Էրչեքի ծոցին մէջ քաղցրահամ ջուրին եւ լիճին աղային ու հիմնային ջուրերուն խառնուրդը յառաջացուցած է գոյներու իւրայատուկ անցումներ՝ կազմելով մարմարեայ թուղթի նախշերը յիշեցնող պատկերներ, որոնք տեսանելի են նաեւ տիեզերքէն։
Եւրոպական Sentinel-2 արբանեակի լուսանկարներուն մէջ արձանագրուած այս բնական երեւոյթը պայմանաւորուած է առուակներէն եկող քաղցրահամ ջուրին եւ Վանայ լիճի ջուրերուն փոխազդեցութեամբ։
Դոցենտ Մուսթաֆա Աքքուշի համաձայն՝ արբանեակային պատկերները կարեւոր նշանակութիւն ունին լիճին բնահամակարգի ուսումնասիրութեան եւ կենսաբազմազանութեան պահպանման համար։
