Վանտալիզմի դէպք Վրաստանի հայկական Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ․ քրէական գործ յարուցուած է

  • by Editbeglari, May 13, 2026 in Ժառանգութիւն
121 դիտում

Վանտալիզմի դէպք մը արձանագրուած է Վրաստանի հայկական Սուրբ Նշան եկեղեցիին մէջ։ Նախորդ օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ հաղորդուած էր, թէ միջադէպը ենթադրաբար տեղի ունեցած է Համայն Վրաստանի նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութիւններուն նախօրեակին։

Անյայտ անձեր եկեղեցիէն դուրս հանած են սրբապատկերները, ինչպէս նաեւ եկեղեցական սպասքը, եւ զանոնք դրած աղբամաններու մօտ։ Աւելի ուշ տեղւոյն բնակիչներն ու հաւատացեալները վերադարձուցած են զանոնք տաճար։

Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը քրէական գործ յարուցած է՝ կրօնական ծէսերու կատարման ապօրինի խոչընդոտման յօդուածով։

Գործող հայկական Սուրբ Նշան եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին մասին յայտնի դարձած է տեղացի բնակիչներէն։ Այս մասին ընկերային ցանցերու վրայ գրած է Ախալցխայի եւ Պորժոմի շրջաններէն հոգեւոր տեսուչ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանը։

Անոր խօսքով՝ պատահարը անակնկալ էր, եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներն արդէն դիմած են ոստիկանութիւն։

«Ամբողջութեամբ մաքրած էին եւ աղբանոցին քով նետած։ Մենք բոլորը հաւաքեցինք եւ դիմեցինք պատկան մարմիններուն ու մեր վերադասին, որպէսզի այս վանտալիզմը, որուն հեղինակները տակաւին անյայտ են, համապատասխան պատասխան ստանայ։

Ասիկա նախ եւ առաջ հարուած կը հասցնէ հայ եւ վրացի եղբայր ժողովուրդներուն ու մեր սրբութիւններուն։ Դուք տեսաք, որ հայկական սրբապատկերներուն կողքին կային նաեւ վրացական սրբապատկերներ, եւ երկուքն ալ միասին դուրս շպրտուած էին եկեղեցիէն։ Մենք կ՚ուզենք, որ այս դէպքը արձագանգ գտնէ պատկան մարմիններուն մօտ եւ եկեղեցին համապատասխան վերահսկողութեան տակ առնուի, որպէսզի նման քայլեր չկրկնուին եւ ժողովուրդները իրարու դէմ չհրահրուին։ Այս արարքը գործածները կամ հիւանդ մարդիկ են, կամ ալ դիտումնաւոր կերպով կը փորձեն երկու ժողովուրդները իրարու դէմ հանել»,– ըսած է ան։