Վանտալիզմ հայկական Սուրբ Կարապետ գերեզմանատան մէջ․ մէկ անձ ձերբակալուած է

  • by Editbeglari, July 10, 2026 in Ժառանգութիւն
130 դիտում

Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Պաղլարպաշը թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կարապետ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած վանտալիզմի դէպքին առնչութեամբ մէկ անձ ձերբակալուած է։ Յուլիս 8-ին Թրքական դատախազութիւնը քրէական վարոյթ սկսած էր գերեզմանատան դէմ իրականացուած յարձակման կապակցութեամբ։

Քննութեան արդիւնքով իրաւապահ մարմինները յայտնաբերած են կասկածեալին ինքնութիւնը եւ զինք բերման ենթարկած։ Դատախազութեան մէջ ցուցմունք տալէ ետք ան ներկայացուած է դատարան՝ կալանաւորման միջնորդութեամբ։

Ըստ Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրամին՝ յարձակումը տեղի ունեցած է Յուլիս 7-ի լոյս 8-ի գիշերը։ Անծանօթ անձ մը, յաղթահարելով գերեզմանատան պարիսպը, վնասած է վեց գերեզման եւ ջրաւազանը։ Վնասուած են նաեւ վեց տապանաքարերու վրայ գտնուող խաչազարդ քանդակները։

Դէպքին մասին անմիջապէս տեղեկացուած է ոստիկանութիւնը, որ սկսած է հետաքննութիւն։ Հայ համայնքի ներկայացուցիչները դատապարտած են կատարուածը՝ շեշտելով պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան նկատմամբ յարգանքի պահպանման անհրաժեշտութիւնը։