Վանի պատմական Վարագավանքի հողատարածքի սեփականատէր համարուող թուրք լրագրող Ֆաթիհ Ալթայլը յայտարարած է, որ պատրաստ է հայկական վանական համալիրը անվճար փոխանցելու Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան՝ վերականգնման եւ հանրային օգտագործման նպատակով։
8-րդ դարուն հիմնադրուած Վարագավանքը հայկական հոգեւոր, պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւորագոյն կոթողներէն մէկն է։ Տասնամեակներու անուշադրութեան, ինչպէս նաեւ բնական աղէտներու հետեւանքով վանական համալիրը զգալի վնասներ կրած է եւ այսօր կը գտնուի մտահոգիչ վիճակի մէջ։
Հայ համայնքի ներկայացուցիչներն ու Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը բազմիցս շեշտած են, որ Վարագավանքի վերականգնումը ոչ միայն պիտի նպաստէ շրջանի զբօսաշրջային զարգացման, այլ նաեւ կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ արժեւորման ուղղութեամբ։
Վարագավանքի ճակատագիրը վերջին տարիներուն կրկին յայտնուած է հանրային ուշադրութեան կեդրոնը, իսկ վերականգնման վերաբերեալ նախաձեռնութիւնները յոյս կը ներշնչեն, որ այս բացառիկ պատմական եւ հոգեւոր կոթողը ապագային պիտի պահպանուի եւ փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։
