Վարագավանքի վանական համալիրը կրկին ուշադրութեան կեդրոն է 

  • by WesternArmenia, October 14, 2026 in Ժառանգութիւն
105 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Վանի նահանգին մէջ՝ Եռակ լերան ստորոտը գտնուող Ժ. դարու Վարագավանքի վանական համալիրը, որ յայտնի է նաեւ Ետի Քիլիսէ՝ «Եօթը եկեղեցի» անունով, ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած տեսանիւթերու շնորհիւ կրկին հանրութեան ուշադրութեան կեդրոն յայտնուած է։

Հայկական ճարտարապետութեան կարեւոր յուշարձաններէն մէկը տարիներէ ի վեր մատնուած է անուշադրութեան։ 2011 թուականի Վանի երկրաշարժէն ետք համալիրը լուրջ վնասներ կրած է, իսկ պահպանութեան բաւարար միջոցներու բացակայութիւնը նպաստած է անոր հետագայ քայքայման։

Լրագրող Ֆաթիհ Ալթայլըն աւելի առաջ յայտնած էր, որ վանքը կը գտնուի իր մեծ հօր՝ Հուսամեթթին Ալթայլըի անունով արձանագրուած հողատարածքին վրայ, որուն բազմաթիւ ժառանգներէն մէկը ինքն է։ Ան կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան՝ քայլեր ձեռնարկելու պատմական յուշարձանի պահպանութեան համար եւ ընդգծած, որ առաջնահերթը զայն փրկելն է։

Վարագավանքի ներկայ վիճակը կրկին ուշադրութեան կը հրաւիրէ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հրատապ խնդրին վրայ։