Վարագավանքի վերադարձի հարցը կրկին օրակարգի վրայ է

  • by Editbeglari, June 25, 2026 in Ժառանգութիւն
131 դիտում

Թուրք լրագրող Ֆաթիհ Ալթայլը յայտարարած է, թէ պատրաստ է առանց որեւէ փոխհատուցման պետութեան կամ համապատասխան մարմիններուն յանձնել Վանի պատմական Վարագավանքի (Եօթ Եկեղեցի) տարածքը, որ ներկայիս արձանագրուած է իր ընտանիքի անունով։

Ալթայլը նշած է, թէ հողատարածքը իրենց ընտանիքին անցած է տարիներ առաջ կատարուած հողային փոխանակման արդիւնքով եւ շեշտած, որ իրենք երբեք չեն փորձած վաճառել կամ վնասել պատմական կառոյցը։

Վարագավանքը հայկական կարեւորագոյն հոգեւոր եւ մշակութային յուշարձաններէն մէկն է, որ հիմնադրուած է 8-րդ դարուն։ Տասնամեակներ շարունակ անխնամ մնալու եւ երկրաշարժերու հետեւանքով համալիրը այսօր կը գտնուի կիսաւեր վիճակի մէջ։

Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեան տակաւին 2025 թուականին, Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան հետ հանդիպման ընթացքին, բարձրացուցած էր վանքի վերականգնման հարցը՝ շեշտելով անոր պատմամշակութային եւ զբօսաշրջային նշանակութիւնը։

Վարագավանքի պահպանութեան եւ վերականգնման խնդիրը երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակէ մնալ հայ համայնքի եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեամբ զբաղող կառոյցներու ուշադրութեան կեդրոնը։