Վարպետ Ծատուրի քարեղէն ժառանգութիւնը՝ փլուզման վտանգի առջեւ 

  • by WesternArmenia, October 12, 2026 in Ժառանգութիւն
101 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Չանաքչը գիւղի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին՝ անցեալի լուռ վկան

Արեւմտեան Հայաստանի Բիւրակնի (Պինգէօլ) նահանգի պատմական Քղի գաւառի Չանաքչը գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին այսօր փլուզման վտանգի առջեւ կը գտնուի։ Անտէրութեան մատնուած եւ ժամանակի ընթացքին վնասուած այս կառոյցը կը շարունակէ վկայել շրջանի հայկական պատմութեան եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան մասին։

Եկեղեցին կառուցուած է 1800 թուականին, թէեւ ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ 1817-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ճարտարապետական կրթութիւն ստացած եւ հայրենի բնակավայր վերադարձած վարպետ Ծատուրի ձեռքով։ Տեղական սեւ պազալտէ կառուցուած եռանաւ պազիլիք եկեղեցին յայտնի է իր քարաշէն սիւներով, կամարներով եւ թաղակապ առաստաղով։ Մինչեւ 1915 թուականի Հայերու Ցեղասպանութիւնը ան ծառայած է գիւղի հայ համայնքին։

Չանաքչըի հայկական կեանքին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է նաեւ դպրոցը, որ հիմնուած է 1880-ական թուականներու սկիզբը։ Եթէ 1901-ին հոն կը սորվէին 75 աշակերտներ, ապա 1913-ին անոնց թիւը հասած էր 190-ի՝ ներառելով նաեւ աղջիկներ։ Եկեղեցին ու դպրոցը գիւղի հոգեւոր եւ կրթական կեանքին կեդրոններն էին։

Յետագային եկեղեցին օգտագործուած է իբրեւ մզկիթ, սակայն նոր մզկիթի կառուցումէն ետք լքուած է։ Այսօր անոր պատերուն վրայ խոր ճեղքեր յառաջացած են, իսկ տանիքին աճած ծառերն ու բուսականութիւնը կը վտանգեն կառոյցին ամրութիւնը։ Գանձագողերու փորած փոսերն ալ աւելի վնասած են շինութիւնը։ Հակառակ աւերածութիւններուն՝ եկեղեցւոյ քարաշէն կամարներն ու սիւները տակաւին կը պահպանեն իրենց երբեմնի վեհութիւնը։

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին ոչ միայն ճարտարապետական յուշարձան մըն է, այլեւ Չանաքչըի երբեմնի հայաբնակ անցեալին յիշողութիւնը։ Անոր պահպանումը կարեւոր է պատմական ժառանգութիւնը կորստեան վտանգէն փրկելու եւ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու համար։