Քոնիոյ հայկական կրթօճախը․ 130-ամեայ պատմութիւն՝ մոռացութեան փոշիէն դուրս 

  • by WesternArmenia, November 03, 2026 in Ժառանգութիւն
73 դիտում

Քոնիոյ պատմութեան էջերէն հանուած հին լուսանկար մը կը բացայայտէ քաղաքի հայկական կրթական ժառանգութեան կարեւոր դրուագներէն մէկը՝ Ճենանեան հայկական դպրոցը։

Մարաշ ծնած եւ ԱՄՆ-ի մէջ կրթութիւն ստացած հայ մանկավարժ Յարութիւն Ճենանեան 1892-ին Քոնիոյ մէջ հիմնած է հայկական դպրոց մը՝ շրջանի հայութեան կրթական կարիքները հոգալու նպատակով։ Հաստատութիւնը կարճ ժամանակի մէջ դարձած է քաղաքի յայտնի կրթօճախներէն եւ բազմամշակութային կեանքի կարեւոր կեդրոններէն մէկը։

Ճենանեանի մահէն ետք դպրոցին ղեկավարումը ստանձնած է իր գործընկեր Արմենակ Հայկազեանը, որ նահատակուած է Հայերու ցեղասպանութեան տարիներուն։

Ի յիշատակ Արմենակ Հայկազեանի՝ 1955-ին Պէյրութի մէջ հիմնուած է Հայկազեան համալսարանը՝ վառ պահելով հայ մանկավարժին անունն ու յիշատակը։