Ֆրանսական նշանաւոր շաբաթաթերթ մը՝ Le Point, պատմած է «երկու անգամ փրկուած հայկական գրադարան»-ին մասին

  • by Editbeglari, May 12, 2026 in Ժառանգութիւն
105 դիտում

Ֆրանսական նշանաւոր շաբաթաթերթ մը՝ Le Point, իր վերջին թիւին մէջ հրապարակած է «Ցեղասպանութենէն փրկուած գրադարանը» խորագրով յօդուած մը, որ նուիրուած է Փարիզի մէջ գտնուող Նուպարեան գրադարանին (Nubar)՝ «հայկական մշակութային ժառանգութեան իսկական յենասիւներէն մէկը»։

Պարբերականը կը նշէ, որ ան կը նկատուի աշխարհի հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ Հայերու ցեղասպանութեան պատմութեան պահպանման կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը եւ կը գործէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հովանիին ներքոյ։

Գրադարանը հիմնադրուած է 1927 թուականին՝ Պօղոս Նուպար փաշայի՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հիմնադիրին, եւ նշանաւոր մտաւորական Արամ Անտոնեանի կողմէ, ով դարձած է անոր առաջին տնօրէնը։

Այսօր գրադարանին հաւաքածոն կը ներառէ շուրջ 45 հազար գիրք, 1500-է աւելի անունով պարբերականներ, 800 հազար արխիւային փաստաթուղթ եւ 12 հազար լուսանկար։ Գրադարանը կը ղեկավարէ պատմաբան, գիտութիւններու դոկտոր Պորիս Աճեմեան։