Բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի Սարդիս հնավայրին մէջ (ներկայիս Մանիսայի նահանգ) կատարուած հնագիտական պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է շուրջ 2500 տարուան վաղեմութիւն ունեցող, 2.2 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ երիտասարդի արձան մը։ Մասնագէտներու գնահատմամբ՝ անիկա կը թուագրուի Ք.Ա. Ե. դարու առաջին կէսով եւ կը յատկանշուի իր լաւ պահպանուած վիճակով ու բարձր գեղարուեստական արժէքով։ Ըստ հետազօտողներուն՝ հռոմէական ժամանակաշրջանին արձանը երկրորդական օգտագործման ենթարկուած է որպէս շինանիւթ, ինչ որ նպաստած է անոր պահպանման։
Բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է 2500-ամեայ մարմարէ արձան
- by Editbeglari, August 04, 2026 in Ժառանգութիւն
89
դիտում
