«Յուշամատեան» մատենաշարին մեկնարկը՝ հայկական յիշողութեան պահպանման նոր նախաձեռնութիւն

  • by Editbeglari, August 17, 2026 in Ժառանգութիւն
78 դիտում

ՊԷՅՐՈՒԹ․ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւնն ու «Հայրենիք» հրատարակչութիւնը յայտարարած են «Յուշամատեան» մատենաշարին մեկնարկը։ Մատենաշարին առաջին հատորը Բարունակ Թոփալեանի «Իմ հայրենի գիւղը՝ Օխու» աշխատութեան անգլերէն թարգմանութիւնն է՝ My Native Village. Okhou:

1943-ին Պոսթընի մէջ առաջին անգամ հրատարակուած գիրքը կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան Խարբերդի շրջանի Բալու գաւառի հայկական Օխու գիւղին պատմութիւնն ու առօրեան։ Հեղինակը՝ Հայերու Ցեղասպանութիւնը վերապրած Բարունակ Թոփալեան, իր յիշողութիւններուն միջոցով կը վերակերտէ կորսուած հայրենի գիւղին աշխարհը։ Անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է Սիմոն Պէոճէքեան։

«Յուշամատեան» մատենաշարը նպատակ ունի հայերէն արժէքաւոր յուշագրութիւնները թարգմանել եւ հասանելի դարձնել նոր սերունդներուն ու միջազգային ընթերցողներուն։ Հրատարակութիւնները պիտի ներառեն նաեւ պատմագիտական մեկնաբանութիւններ, ժողովրդագրական եւ ուսումնասիրական նիւթեր՝ ներկայացնելով նախկին Օսմանեան կայսրութեան հայկական համայնքներու պատմութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը։

Նախաձեռնութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի Ցեղասպանութենէն եւ տեղահանութենէն ետք կորսուած հայկական համայնքներու յիշողութիւնը պահպանելու գործին մէջ։ Յուշամատեանները ոչ միայն պատմական աղբիւրներ են, այլեւ վկայութիւններ, որոնց միջոցով սերունդներուն կը փոխանցուին հայկական գիւղերու ու քաղաքներու կեանքը, աւանդութիւնները եւ հայրենիքի մասին յիշողութիւնը։

Մատենաշարի առաջին հատորի հրատարակութեամբ կը մեկնարկի լայնածաւալ աշխատանք մը՝ հայկական պատմական յիշողութիւնը պահպանելու եւ զայն նոր սերունդներուն ու միջազգային հանրութեան փոխանցելու ուղղութեամբ։