Ստեփանակերտի Մայր տաճարի ոչնչացումը պէտք է դառնայ միջազգային օրակարգի հարց

  • by Editbeglari, August 13, 2026 in Ժառանգութիւն
83 դիտում

Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ Յովիկ Աւանեսով ահազանգ կը հնչեցնէ Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանու Մայր տաճարի ոչնչացման մասին։ Անոր խօսքով՝ արբանեակային տուեալները կը վկայեն, որ տաճարը ոչնչացուած է 2026 թուականի Մարտ 3-էն մինչեւ Ապրիլ 2 ինկած ժամանակաշրջանին։

Աւանեսով կը նշէ, որ Մայր տաճարի աւերումը պէտք է ոչ միայն փաստագրուի, այլեւ դառնայ միջազգային իրաւական եւ քաղաքական օրակարգի հարց։ Անոր գնահատմամբ՝ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուող գործողութիւնները համակարգային բնոյթ կը կրեն եւ կը ներառեն եկեղեցիներու, վանքերու, գերեզմանատուներու, խաչքարերու եւ այլ յուշարձաններու ոչնչացում կամ ինքնութեան փոփոխութիւն։

Ան միջազգային հանրութեան կոչ կ՚ուղղէ յայտարարութիւններէն անցնելու գործնական քայլերու՝ իրականացնել մշտադիտարկում, անկախ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ, իրաւական փաստագրում եւ պատասխանատուութեան մեխանիզմներու կիրառում։

Մայր տաճարի ոչնչացումը պէտք է լուրջ ահազանգ դառնայ՝ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան մնացեալ արժէքները պահպանելու համար։