Տերսիմի հայկական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին փլուզման վտանգի տակ է

  • by Editbeglari, August 20, 2026 in Ժառանգութիւն
80 դիտում

Տերսիմի Հոզաթ գաւառի Կեչիմլի գիւղին մէջ գտնուող պատմական Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին յայտնուած է փլուզման անմիջական վտանգի տակ։ Եկեղեցին, որ կառուցուած է 975 թուականին, տարիներ շարունակ մնացած է անխնամ եւ լուրջ վնասներ կրած է թէ՛ բնական պայմաններու, թէ՛ գանձախոյզներու ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով։

Եկեղեցին 1915 թուականէն ի վեր չէ գործած, սակայն անոր պատերուն մինչեւ այսօր պահպանուած են հայերէն արձանագրութիւններ։ Քարաշէն կառոյցը, կամարակապ մուտքն ու պատերու քանդակազարդերը կը վկայեն Տերսիմի հարուստ հայկական եւ բազմամշակութային անցեալին մասին։

Տեղի բնակիչները կը պահանջեն եկեղեցւոյ վերականգնումը՝ զայն համարելով տարածաշրջանի պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան կարեւորագոյն յուշարձաններէն մէկը։ Միաժամանակ, եկեղեցւոյ քարերուն մէկ մասը վնասուած կամ գողցուած է, իսկ պահպանուած պատերը կը շարունակեն ենթարկուիլ տարբեր վնասներու։

Հազարամեայ հայկական եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը եւս մէկ անգամ կը շեշտէ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը։