1000 յուշարձան, 10 գիւղ․ ի՞նչ ոչնչացուցած է Ատրպէյճանը Արցախի մէջ 

  • by Editbeglari, September 28, 2026 in Ժառանգութիւն
93 դիտում

Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ Յովիկ Աւանեսով «Արցախը երեք տարի անց․ փաստեր, քաղաքական պատասխանատուութիւն եւ ապագայի օրակարգ» քննարկման ժամանակ անդրադարձած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան ներկայ վիճակին։

Անոր ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն՝ 2020 թուականէն ի վեր արձանագրուած վանտալիզմի դէպքերուն թիւը կը գերազանցէ 1000-ը։ Ամբողջութեամբ ոչնչացուած են աւելի քան եօթ եկեղեցիներ, իսկ շուրջ տասը գիւղ ամբողջութեամբ վերացած է։ Մասնակի ոչնչացման ենթարկուած են նաեւ շարք մը այլ բնակավայրեր։ Աւանեսով նշած է, որ Ստեփանակերտի պատմամշակութային ժառանգութիւնը, ներառեալ բնակելի թաղամասերը, նոյնպէս մեծապէս ոչնչացուած է։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի՝ INTERPOL-ին դիմելու վերաբերեալ տեղեկութիւններուն՝ Աւանեսով յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան ներկայացնել Արցախի մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ առկայ վտանգները եւ փաստագրել արձանագրուած դէպքերը։

Անոր խօսքով՝ յառաջիկային կը նախատեսուի INTERPOL-ին պաշտօնական գրութիւն ուղարկել՝ պարզելու համար, թէ ի՛նչ հիմքով եւ ի՛նչ ընթացակարգով իրականացուած է տուեալներու շտեմարանին մէջ հնարաւոր գրանցումը, ինչպէս նաեւ՝ արդեօք համապատասխան գործընթացը իրականութեան մէջ տեղի ունեցած է։