1602 թուականի Ջուղայի պահպանուած խաչքարը 

  • by Editbeglari, July 21, 2026 in Ժառանգութիւն
130 դիտում

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տարածքին մէջ, Մայր Տաճարին արեւելեան կողմը, կը պահպանուի Հին Ջուղայէն բերուած բացառիկ խաչքարերէն մէկը։ Անիկա 1602 թուականին կերտած է Գրիգոր խաչագործը եւ սկզբնապէս կառուցուած էր Ջուղայի պատմական հայկական գերեզմանատան մէջ։

16-րդ եւ 17-րդ դարերուն Ջուղան հայկական խաչքարագործութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն էր, ուր ստեղծուած էին հարիւրաւոր բարձրարուեստ խաչքարեր։ Այս խաչքարը փրկուած է երբեմնի հսկայ գերեզմանատունէն, որ աշխարհի ամէնէն մեծ հայկական խաչքարային համալիրներէն մէկն էր։

Խաչքարին կեդրոնը կը պատկերէ ծաղկող խաչը՝ Քրիստոսի Յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի խորհրդանիշը, իսկ երկու կողմերուն՝ յաւերժութեան նշանները, որոնք կը խորհրդանշեն կեանքի շարունակականութիւնը։ Քիւին եւ վարդակին վրայ պահպանուած են նաեւ 1602 թուականը վկայող արձանագրութիւններ։

Այսօր խաչքարը կը ցուցադրուի Էջմիածնի մէջ՝ որպէս Հին Ջուղայի հարուստ մշակութային ժառանգութեան պահպանուած հազուագիւտ վկան եւ հայկական խաչքարագործութեան արժէքաւոր գլուխգործոցը։