2020-էն ի վեր ատրպէյճանցիներն աւերած են հայկական պատմամշակութային 570-էն աւելի նմուշ

  • by Editbeglari, August 30, 2024 in Ժառանգութիւն
328 դիտում

«Քանդակագործութեան ազգային պարկ» թանգարանին հիմնադիր տնօրէն եւ «Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպան» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար՝ Արթուր Գեւորգեան Sputnik Արմենիային հետ զրոյցը տեղեկացուցած է, որ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Նախիջեւանին, Գանձակին ու Արցախին  բնակավայրերու մէջ սկսուած է դեռ 1960-ականներէն՝ Ատրպէյճանական ԽՍՀ-ի օրոք։ 2020թ. պատերազմին ատեն ատրպէյճանցի զինւորները սմարթֆոններով նկարահանած են իրենց վանդալիզմը եւ տեղադրած համացանցին մէջ, բայց Բաքուի իշխանութիւնը, յասկնալով միջազգային իրաւունքին խախտման վտանգը, այդ նիւթերու տարածումն արգելած է։ Չնայած ատոր, այժմ տիեզերական նկարահանման միջոցով յնարաւոր է հետեւիլ իրավիճակին։

Գեւորգեանին տուեալներով, 2020թ. 44-օրեա պատերազմին ընթացքը եւ ատկէ առաջ Արցախին ու հարակից շրջաններու մէջ ոչնչացուած են 250-ից աւելի հայկական պատմամշակութային կոթողներ, հիմնականը Հայրենական մեծ պատերազմին զոհերուն յուշարձաններ։ Պատերազմէն ետք ատրպէյճանցիները ամէն շաբաթ 3-4 յուշարձան ու խաչքար են աւերած։ 2020-էն ետք՝ մինչ օրս, վնասուած են 570-էն աւելի հայկական ժառանգութեան նմուշներ։ Գեւորգեան կոչ կ՚ընէ հաւաքագրիլ ատ փաստերը եւ ներկայացնիլ միջազգային դատարաններ, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը տեղեկացուած ըլլայ եւ ճնշումներ գործադրուեն։