Ատրպէյճանական պաշտօնական եւ գիտական շրջանակները կը շարունակեն տարածել հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը «աղուանական» ներկայացնող վարկածներ՝ փորձելով կասկածի տակ դնել Արցախի քրիստոնէական յուշարձաններուն հայկական պատկանելիութիւնը։
Պաքուի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւններուն համաձայն՝ յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսուին հնագիտական լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններ եւ պետական օժանդակութեամբ ծրագիրներ։ Միաժամանակ հայկական վանքերն ու խաչքարերը կը ներկայացուին որպէս աղուանական ժառանգութիւն։
Յօդուածին հեղինակը կը շեշտէ, որ Գանձասարի, Ամարասի, Դադիվանքի եւ Ծիծեռնավանքի հայկական վիմագրերը, ձեռագիրներն ու ճարտարապետական առանձնայատկութիւնները կարեւոր պատմական վկայութիւններ են։ Անոր գնահատմամբ՝ յուշարձաններուն պատմական պատկանելիութեան խեղաթիւրումն ու անոնց նկատմամբ միջամտութիւնները կը վտանգեն հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։
