Պէյրութի «Շիրակ» հրատարակչատունէն 2022-ին լոյս տեսաւ Ռոբերտ Թաթոյեանի «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թիւը Մեծ եղեռնի նախօրեակին» գիրքը, բաղկացած` 208 էջերէ:
Հեղինակը կ՛ըսէ, որ աշխատանքին նպատակն է վիճակագրական աղբիւրներու տուեալներու համեմատական վերլուծութեան միջոցով եւ անոր հիման վրայ կատարել Հայերի ցեղասպանութեան նախօրեակին Օսմանեան կայսրութեան Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թուաքանակի ճշդում:
Թաթոյեան կը նշէ, որ 1878-ին Հայկական հարցի միջազգային դիւանագիտութեան օրակարգին մէջ ընդգրկուելէն ետք, սուլթան Համիտ սկսաւ հետեւողական քաղաքականութիւն իրականացնել` ուղղուած բարեփոխումներու ենթակայ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն հայկական ներկայութեան նուազեցման:
Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թուաքանակին վրայ բացասական լուրջ հետեւանքներ ունեցան Սասունի 1894-ի ապստամբութեան ճնշումը եւ 1895-ի զանգուածային կոտորածները: Համիտեան կոտորածներու ժամանակ բռնի իսլամացուեցան Պիթլիսի նահանգի բազմաթիւ հայկական բնակավայրեր: Քրտական տեւական հալածանքներուն պատճառով հայեր լքեցին Պիթլիսի նահանգի տասնեակ մը բնակավայրեր: Ցեղասպանութեան նախօրեակին Պիթլիսի նահանգին մէջ կար 29.340 տուն-244.160 շունչ հայ: