Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռը, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տարիներէ ի վեր լծուած է արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան աշխատանքին:
Ընթացիկ տարուան հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմը գումարեց Ազգային երեսփոխանական 50-րդ ժողովը, որուն ընթացքին առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը ըսավ, որ յատուկ հիմնադրամ մը պէտք է գոյացուի, որպէսզի արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութիւնը հայրապետական աթոռը յառաջ տանի վերանորոգ թափով: Ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրեց Թորգոմ եպիսկոպոսին մտածումը եւ քաջալեր հանդիսացաւ նմանօրինակ հիմնադրամի մը ստեղծման:
Այս նպատակով առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. վարչութիւնը ունեցան միատեղ խորհրդակցութիւն, որ յանգեցաւ Անթիլիասի մէջ արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութեան հիմնադրամի հաստատման, հարիւր հազար տոլարով:
Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին, որ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խնդիրը նկատեն խիստ կարեւոր, անմիջական, եւ իրենք եւս իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը բերեն ազգային-ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այս անյետաձգելի ու կենսական ծրագրին: