Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան ծնած է 1895-ին, համիտեան ջարդերու օրերուն Եդեսիա (Ուրֆա): 1915-ի Սեպտեմբերին Յովսէփին հայրը՝ Պետրոս Ալահայտոյեան, ձերբակալուած է իր տան մէջ եւ եղբօրը հետ սպաննուած է տան բակին մէջ: Թուրքեր առեւանգած են Յովսէփին 9 տարեկան Յարութիւն եղբայրը: Հազարաւոր գաղթականներ Խարբերդէն, Տիգրանակերտէն, Մելիտինէէն եւ Ատըեամանէն Եդեսիա կը հասնին եւ Միլլէթ Խան կ՛ապաստանին: Յովսէփ գերմանական հիւանդանոցի հիւանդապահուհիներուն հետ Միլլէթ Խան կ՛երթայ, հայ վիրաւորները կը բուժէ եւ հարիւրաւոր հայ աղջիկներ կ՛ազատէ: Ան հոն կը գտնէ իր մայրը, քոյրերը եւ երկու եղբայրները, որոնց գերմանական հիւանդանոց կը տեղաւորէ:
Եդեսիոյ հերոսամարտի օրերուն, Յովսէփ կը ձերբակալուի թուրքերուն կողմէ ու կը բանտարկուի բժիշկ Արմենակ Ապուհայթայեանի հետ: Տարի մը բանտարկուած մնալէ ետք, 1916-ին կը ղրկուի Հալէպի զօրանոց ծառայելու համար թրքական բանակին մէջ իբրեւ դեղագործ զինուորական: Թուրք իշխանութեան արտօնութեամբ, ան Պէյրութ կը մեկնի, շարունակելու համար իր բժշկական ուսումը: Կ՛ուսանի Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի դեղագործութեան դպրոցին մէջ եւ կը վկայուի 1916ի վերջերուն։
Ֆրանսական ռազմանաւով կը փոխադրուի Մերսին եւ ապա՝ Ատանա, ուր կը ծառայէ ֆրանսական զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Շուտով կը միանայ Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցի անձնակազմին, իբրեւ դեղագործ:
Եդեսիոյ հայերը երկրորդ անգամ կը գաղթեն դէպի Հալէպ: Յովսէփ եւս կը լքէ Եդեսիան եւ երեք ընկերներով կը հասնի Հալէպ, հոնկէ՝ Պէյրութ, ուր կը հաստատէ իր սեփական դեղատունը:
Դեղարանը գործած է մինչեւ 1975-ի վերջերը, երբ ծագած է Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը: