Յարութ Նիկոլեանը ծնուեր է 2001թ.-ի Ապրիլ 29-ին: Ժամկետային զինծառայող Յարութիւն Նիկոլեանը տան միակ արու զաւակն էր: Յարութիւնը փոքր տարիքէն ըմբշամարտով կը զբաղուեր,ուներ բազմաթիւ մրցանակներ։ Դպրոցը գերազանց կը սովրեր։
Որոշեր էր պատմաբան դառնալ։ Բանակ զորակչուելէն առաջ ընդունուերէր Մանկավարժական համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետ։ Ծառայութենէ վերադառնալէն ետք, պիտի սկսեր ուսումը։
Յարութիւնը շատ կը սիրեր կարդալ։ Ծառայութեան ընթացքին քրոջը՝ Արուսեակին, անընդհատ կը խնդրեր, որ գրքեր ուղարկէ։ Վերջին անգամ հեռաձայնելէն խնդրեր է Աստուածաշունչ ուղարկիլ, քանի որ իր ունեցածը կորցուցեր է։Նոյեմբեր 1-ին Յարութիւնը ծնողներու հետ խոսելիս խնդրեր է ծանրոց ուղարկիլ՝ 2 դանակ, ձեռնոց եւ Աստուածաշունչ։ Ծնողներն ուղարկեր են, բայց ծանրոցը Յարութիւնին չի հասեր։
Ժամկետային զինծառայող 19-ամեա Յարութիւնը 1 տարի 4 ամիս ծառայեց Հայոց բանակը. յուլիսը պիտի զորացրուեր։ 38 օր հայրենիքին համար անձնուրաց պայքար մղելով՝ զոհուեց։ Յարութիւն Արմէնի Նիկոլեանը մահացու վիրաւորում է ստացեր Կարմիր Շուկային յատուածը։
Զինւորին արիութեան ու հայրենասիրութեան մասին կը պատմեն գումարտակին հրամանատարութիւնը, մարտական ընկերներն ու հերոսին ճանաչողները։ Յարութը վերջին անգամ տուն էր զանգեր Նոյեմբեր 3-ին՝ մահացու վիրաւորում ստանալէն ժամեր առաջ։ Առոյգ ու անհոգ ձայնով խօսեր էր մօր հետ, ըսիլ, որ ամէն ինչ կարգին է, պարզապէս զբաղուած է։ Խօստացեր էր մէ փոքր աւելի ուշ զանգիլ, բայց այդպէս ալ չհեռաձայնեց․ մօր հետ խոսելէն 1․5 ժամ չանցած՝ Յարութն ինկաւ։
Յարութիւն Նիկոլեանն օրինակելի զինւոր է եղեր, ստացեր կրտսեր սերժանտին կոչում, նաեւ ջոկի հրամանատար էր։