ԿԱՐԻՆ — Դամասկոսի արուարձաններ / Դամասկոսի հարաւակողմի Յալդա, Բաբբիլա եւ Բէյթ Սահեմ արուարձաններուն մէջ գտնուող ահաբեկիչները վար դրած են իրենց ծանր եւ միջին տարողութեան զէնքերը՝ նախքան իրենց տարհանումը Սուրիայէն հիւսիս, Դամասկոսի հարաւային տարածքը ահաբեկիչներէ զուրկ յայտարարելու գործընթացի շրջանակէն ներս:
ՍԱՆԱ-ի ռազմական թղթակիցը կը նշէ, որ ահաբեկիչները վար դրած են մեծ քանակութեամբ զէնքեր, զինամթերք եւ ականներ՝ որոնցմէ ոմանք Իսրայէլեան արտադրանք են, զորս ահաբեկչական ցանցերը կ՛օգտագործէին հարեւան թաղամասերու քաղաքացիական անձերուն դէմ, ինչպէս եւ ահաբեկչութեան դէմ դիրքաւորուած ուժերու անցակետերուն վրայ։
Ան կ՛աւելցնէ, թէ ահաբեկիչներուն վար դրուած զէնքերուն մէջ կան․ 60, 80 եւ 120 մմ տրամաչափով հրացաններ, եւ ոմանք տեղական արտադրութեան, P90, P10 եւ N29 զէնքեր, տարբեր տրամաչափի գնդացիրներ, RPG-ներ, ատրճանակներ, տեղական արտադրութեան ականանետներ, հրթիռներ, պայթուցիկ սարքեր եւ Իսրայէլեան ականներ: