Թրքական Անթալիայի Տեմրէ շրջանի 40-ամեայ բնակիչ Նուրի Պիլկիչ իր տան այգին փորելու աշխատանքներ կատարելու ժամանակ յայտնաբերած է պատմական դամբարան, այս մասին գրած է arkeolojihaber.net կայքը: Մասնագէտները կը կարծեն, որ դամբարանը ունի աւելի քան 2400 տաուայ պատմութիւն եւ կը պատկանի Լիկիայի թագաւորութեան ժամանակաշրջանին:
Անսովոր «գտածոյի» յայտնաբերումէն ետք Պիլկիչ դիմած է Լիկիական քաղաքակրթութեան ուսումնասիրման թանգարանի աշխատակիցներուն եւ օգնութիւն խնդրած անոնցմէ: Պիլկիչի տան բակ ժամանած 3 հնագէտներն ու 8 բանուորները սկսած են լայնածաւալ պեղումներ: Մասնագէտները կը կարծեն, որ Մ.թ.ա. 4-րդ դարուն պատկանող երկյարկանի դամբարանի շրջակայքը կրնան գտնուիլ նաեւ այլ կարեւոր պատմական իրեր ու կառոյցներ:
Նշենք, որ Լիկիան Փոքր Ասիոյ հարաւը գտնուող պատմական պետութիւն էր։ Մ.թ.ա. 5-4-րդ դարերու սկիզբը Լիկիայի արեւմտեան մասը գտնուած է պարսկական տիրապետութեան տակ, իսկ արեւելեան հատուածին թագաւորած է լիկիական արքայ Պերիկլէսը: Մ.թ.ա. 4-րդ դարու վերջերը Լիկիան մտած է Ալեքսանտր Մակետոնացիի տերութեան սահմաններուն մէջ, իսկ աւելի ուշ գրաւուած Հռոմի կողմէ:
Լուրը՝ Tert.am-էն